2013-10-18 11:08:57

''Մի ձանձրանաք Հօր Աստուծոյ ողորմութիւնը ցուցաբերելէ մարդոց''` ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Մանիլիայի մէջ գումարուած Նոր Աւետարանութեան գիտաժողովի մասնակիցներուն ուղղած իր պատգամին մէջ։


16- 18 Հոկտեմբեր 2013 Փիլիպեան կղզեախումբի մայրաքաղաք` Մանիլայի մէջ, Հաւատոյ Տարուայ ծիրէն ներս, տեղի ունեցաւ Նոր Աւետարանութեան նիւթին շուրջ միջազգային գիտաժողով մը, կազմակերպութեամբ Մանիլայի առաջնորդ` Կարտինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէի։ Գիտաժողովը եզրափակուեցաւ 18 հոկտեմբերին, հանդիսաւոր պատարագով որուն յաջորդեց Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը, մայրաքաղաքի ճամբաներու վրայ։
ֆրանչիսկոս Քահաայպետը այս առթիւ պատկերասփռուած յատուկ պատգամ մը յղեց գիտաժողովի 5000 մասնակիցներուն որուն մէջ նշեց թէ ''Նոր Աւետարաութեան մասին կազմակերպուած Փիլիպեան այս առաջին գիտաժողովը Հաւատոյ Տարուայ ընծայած արժէքաւոր նուէր մըն է'', ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր եպիսկոպոսներուն, կղերականներուն եւ աշխարահականներուն որոնք Փիլիպեան կղզեախումբի զանազան շրջաններէն ժամանեցին Մանիլա, մասնակցելու այս գիտաժողովին, որուն միջոցաւ կը յուսամ - ըսաւ Քահանայապետը - կարենաք աւելիով ըմբռնել Յիսուսի սիրոյ ներկայութիւնը ձեր կեանքէն ներս եւ կարենաք աւելիով սիրել Եկեղեցին եւ խոնարհութեամբ եւ ուրախութեամբ Աւետարանը հաղորդէք բոլոր մարդոց։
Մի ձանձրանաք Հօր Աստուծոյ ողորմութիւնը ցուցաբերելու աղքատներուն, հիւանդներուն, իրենց բախտին լքուածներուն, երիտասարդներուն եւ ընտանիքներուն։ Յիսուսը ճանչցուցէք քաղաքական, գորածարարական, մշակութային, գիտական, արուստագիտական եւ ընկերային հաղորդամիջոցներու աշխարհին։ Թոյլ տուէք որ Սուրբ Հոգին նորոգէ արարչութիւնը եւ Փիլիպեան կղզեախումբի մէջ հաստատէ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն, ու զանոնք հաստատէ նաեւ, իմ սրտիս մօտիկ, համայն Ասիական ցամաքամասի մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամը եզրափակեց ըսելով` ''Աղօթեցէք ինծի համար, ես ալ կը խոստանամ աղօթել ձեցի համար դիմելով մեր Մօր` Սուրբ Կոյս Մարիամին, Նոր Աւետարանութեան Աստղ։
Կեցցէ Փիլիպեան Կղզեախումբը. Կեցցէ Ասիական Ցամաքամասը. Աստուած ձեզ օրհնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.